2016-11-15 09:30:00

Ռատեւ` Պուլկարիոյ նախագահ:


Ընդդիմադիր երեսփոխան Ռումեն Ռատեւ յաղթանակ արձանագրած է Պուլկարիոյ նախագահական ընտրութեան ընթացքին:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ մասին կը վկայեն քուէարկութեան արդիւնքները, որոնք 14 նոյեմբերի առաւօտեան հրապարակուած են Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի պաշտօնական էջին վրայ քուէներու աւելի քան 99 առ հարիւրի տուեալներուն ամփոփումէն ետք:

Ըստ այդ տուեալներուն, Ռատեւի ի նպաստ քուէարկած է ընտրողներուն 59,35 առ հարիւրը, իսկ անոր գլխաւոր մրցակիցին` Ցեցեքա Ցաչեւի ի նպաստ` 36,17 առ հարիւրը: Թեկնածուներէն որեւէ մէկուն չքուէարկած ընտրողներու համեմատութիւնը 4,48 առ հարիւր է:

Իշխող Քաղաքացիները յանուն Պուլկարիոյ եւրոպական զարգացման կուսակցութիւնը ընդունած է իր թեկնածուի` 13 նոյեմբերին տեղի ունեցած ընտրութեան մէջ պարտութիւնը, իսկ կուսակցութեան ղեկավար վարչապետ Պոյքօ Պորիսով յայտարարած է յառաջիկայ օրերուն հրաժարելու մտադրութեան մասին:

Պուլկարիոյ ժողովրդական ժողովը (խորհրդարան), հակառակ կառավարութեան յառաջիկայ հրաժարականին, պիտի կարենայ շարունակել իր աշխատանքը, որովհետեւ գործող նախագահ Ռոսեն Փլեւնելիեւ, սահմանադրութեան համապատասխան, իրաւունք չունի իր նստաշրջանի աւարտէն երեք ամիս առաջ խորհրդարանը լուծարելու:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ Պուլկարիոյ նախագահ ընտրուած Ռումեն Ռատեւին, որ առաջադրուած է Պուլկարիոյ ընկերվարական կուսակցութեան գլխաւորած նախաձեռնող յանձնախումբին կողմէ, իշխանութեան լիազօրութիւններու փոխանցումը տեղի պէտք է ունենայ 22 յունուար 2017-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.